2016-01-28 12:30:00

Հաղորդագրութիւն` Ֆրանչիսկոս Պապին Թոկոյի նախագահին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 28 Յունուար 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Թոկոյի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Ֆոր Էսսոզիմնա Կնասսինկպէն որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, բացայայտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Թոկոյի հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, ու այդ յարաբերութիւններու ամրապնդումի հեռանկարները։ Խօսակցութիւնը ապա կեդրոնացաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տուած սատարին` երկրին ու Թոկոյի բնակչութեան ամբողջական զարգացումին ի նպաստ, յատկապէս դաստիարակչական մարզէն ներս։ ։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արեւմտեան Ափրիկէի եւ ենթա-սահարեան երկիրներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մասին  ընդգծելով միասնական յանձնառումի հարկաւորութիւնը` շրջանի խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.